2013-10-31 12:42:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` ''Սուրբ Պետրոս'' բարեգործական ընկերակցութեան անդամներուն հետ հանդիպում։


Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն ու ապա ընդունեց` Կարտինալ Տարիօ Գասդրիլլոն Հոյոսը, ''Աստուծոյ Եկեղեցի'' քահանայապետական յանձնախումբի երբեմնի նախագահ։
Ժամը 12-ին, Սրբազան Հայրը ընդունեց Ռաբունապետ Արիէհ Սդոքմանն ու անոր կողակիցը որմէ ետք Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Սուրբ Պետրոս'' ընկերակցութեան 200 անդամները ու արտասանած իր ճառին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց, Սուրբ Աթոռի ի սպաս բարեգործական ծառայութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Հաւատոյ Տարուայ եզրակացութեան ու հրաւիրեց ներկաները, որպէս քրիստոնեաներ, յանձնառումով գործելու ի սպաս աղքատ եւ անտեսուած եղբայր ու քոյրերուն։ ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, շարունակեցէք ըլլալ Քրիստոսի սիրոյ տեսանելի նշանը, բոլոր անոնց համար որ կարօտը ուին նիւթականին ու հոգեւորականին, ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան վայրերէն հռոմ ժամանող ուխտաւորներուն - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` Հռոմի եկեղեցիներու մէջ կազմակերպած` ''Սուրբ Պետրոսի'' անուան դրամահաւաքին, առ ի ծառայութիւն չքաւորութեան մէջ ապրողներուն։
Սրբազան Քահանայապետը ճառին աւարտին ներկաները յանձնեց ''Հռովմէացիներու փրկութիւն` Սուրբ Կոյսի Մարիամի'' հովանիին, որպէսզի թիկունք կանգնի անոնց ու զանոնք առաջնորդէ, Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու բարեխօսութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.